Ուրախ պահ էր, երբ Տիկին Սուսանը արեւմտահայերէնը որպէս դասաժամ միջինի դասացուցակին մտցնելու գաղափարը յայտնեց, եւ Տիարն ու Տիկին Մարիէթը համաձայնեցան:
Ուրախութիւն պատճառեց, որովհետեւ այդ պահին զգացի, թէ արեւմտահայերէնի դասերը սփիւռքահայի եւ Հայաստանցիի, գոնէ լեզուի առնչութեամբ, մօտիկացման կամուրջը պիտի հանդիսանայ: Եւ այդ աշխատանքը, որուն փափաքը միշտ ունեցեր եմ սրտիս մէջ, ես պիտի տանիմ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի սեմին տակ:
Լսելով, չհասկնալով ու ծիծաղելով սկսան մեր դասերը, անցանք կարդալու, գրելու ետքը ասմունքելու , շարադրելու եւ նոյնիսկ՝ բեմադրելու եւ արեւմտահայերէնով տեսանիւթեր պատրաստելու աշխատանքին:
Առաջին մէկ-երկու դասաժամերուն խօսեցայ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միջեւ տառային հնչիւնաբանութեան տարբերութեան, ինչպէս նաեւ բառերու իմաստային տարբերութեան գոյութեան մասին : «Պ,Բ,Փ», «Տ,Դ,Թ», «Կ,Գ,Ք», «Ծ,Ց,Ձ»: Ցուցադրեցինք արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի այբուբենները տեսանիւթով, պատմեցինք ծիծաղելի դէպքեր, որոնք առաջացած են բառային իմաստային տարբերութեան եւ զիրար չհասկնալու հետեւանքով: Նպատակս էր՝ ուսանողները այդ ծիծաղելի դէպքերը յիշելով, յիշեն նաեւ բառերուն կրած տարբեր կամ հակառակ իմաստը արեւմտահայերէնին մէջ:
Ծանօթացանք արեւմտահայ գրողներու կեանքին ու գործերուն:
Միսակ Մեծարենց, Զահրատ, Մուշեղ Իշխան, Յակոբ Պարոնեան :
Ծանօթացանք արեւմտահայ բանաստեղծ Միսակ Մեծարենցի կեանքին, գործերուն եւ բարի անձնաւորութեան: Լսելով բանաստեղծութիւններ, կարդալով ու վերլուծելով, հասկցանք իւրաքանչիւր բանաստեղծութեան միտքն ու բանաստեղծին հոգեվիճակը:
Ունկնդրեցինք, հասկցանք,կարդացինք ու վերջաւորութեան ասմունքեցինք:
http://www.mskh.am/am/23458 « Տուր ինծի Տէր»
http://armenian-poetry.blogspot.com/2007/12/blog-post_07.html
http://www.abcd.am/abcd/bookview_v2_4.php?p_id_text=6993
Կրթահամալիրի ուսանողներու աշխատանքներէն՝ http://artushmiqayelyan.blogspot.com/2013/05/blog-post.html Վայրի Ծաղիկ
http://www.youtube.com/watch?v=dHNqsOjqmGw&feature=player_embedded
http://www.mskh.am/am/30732 Գիշերն անուշ է
http://www.mskh.am/am/30584 Տու՜ր ինծի Տէր…
http://mijin.mskh.am/6126 Մերժում
Լսելով կարգ մը բանաստեղծութիւններու երգի տարբերակը, երգեցինք: http://www.youtube.com/watch?v=UEvEHwtSrEE Միսակ Մեծարենցի «Գիշերն անուշ է»,
http://www.youtube.com/watch?feature=player_embedded&v=_EQYHx5ML_0 «Վայրի Ծաղիկ»,
http://www.youtube.com/watch?v=-OEvuaoZ_gw «Տու՜ր Ինծի, Տէր» ,
http://www.youtube.com/watch?v=CfjngvaMqxk « Կարմիր ծաղիկ մը գարունի»
http://www.youtube.com/watch?v=LW0dX_SLwMM http://mijin.mskh.am/6369
Զահրատ «Կաղանդ»
Կարդացինք Արեւմտահայ երգիծաբան՝ Յակոբ Պարոնեանին «Քաղաքավարութեան Վնասները» եւ սրահին մէջ ներկայացուցինք:
Մեր փորձերէն՝ http://www.mskh.am/am/30062
Կարդացինք զանազան արեւմտահայերէն պատմութիւններ:
Օգտագործեցինք խմբային մեթոտը, երկու-երկու խումբերու բաժնուեցանք , իւրաքանչիւր խումբ կարդաց պատմութիւն մը եւ վերջը պատմեց իր ընկերներուն:
Այս մեթոտը օգնեց ուսանողներուն խօսքի զարգացման ընթացքը՝ արեւմտահայերէնով:
http://hayarpi.com/archives/304
http://hayarpi.com/archives/303
http://hayarpi.com/archives/169
http://hay-em.do.am/load/gegharvestakan/misaq_mec%27arenc/misaq_mec_39_arenc_ananown/56-1-0-1704
http://hayarpi.com/archives/60
Մօրս աչքերով պատմութիւնը կարդացինք, հասկցանք եւ տեսանիւթ պատրաստեցինք՝
Յաճախ օգտագործեցինք թարգմանութեան մեթոտը: Սկիզբի շրջանին՝ արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէն, իսկ որոշ ժամանակ ետք՝ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն:
Ծանօթացանք Զահրատի բանաստեղծութիւններուն՝
http://www.gisher.ru/zahrat-t21010-10.html
http://www.gisher.ru/zahrat-t21010.html
http://www.gisher.ru/zahrat-t21010-20.html
http://www.youtube.com/watch?v=w31tMl9Lyqs
Տարբերություն « Աչքերուն ակնոց է առեր, հիմա կապոյտը կապոյտ կը տեսնէ»
Մարդու մը միտքը Ծառին կը նայի — ծառը չի տեսներ — ինքզինքը կը տեսնէ
Ճամփուն կը նայի — ճամփան չի տեսներ — ինքզինքը կը տեսնէ
Ու հայելիին կը նայի — չի տեսներ ինքզինքը — — Կը բաեւէ:
Մի լար լոյս մի լար Մի լար լոյս մի լար, Գետնայարկ չինկող լոյսերը թող լան:
Էջմիածին Քարը ջուր չէ -գետի նման չի հոսիր
Քարը օդ չէ -Չի մխար խունկի պէս
Արեւ չէ՝ -Մեր կանթեղին չի հասնիր
Քարը ոչ ջուր է- ոչ օդ- ոչ արեւ
եթէ խաչքար չէ
Մեծ Քաղաքը
Ու անոնք, որոնք պզտիկ մարդիկ են,
Երբեք հանդարտ պիտի չըլլան մեծ քաղաքին մէջ:
Կաղանդի ծառ մը
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Արդեն պատրանքը լրիվ կը բավէ
Բարի տարի ձեզ և բարի պատրանք:
Չար բաներ
Բայց դուք ըսէք չար բաներուն, որ չըլլան:
Որ չըլլայ թէ պատահին:
Կամ երբ ըլլան հեռու մնան մեր այս պզտիկ աշխարհէն
Դիտեցինք Ատրպետի «Տժվժիկ»ը:
Քննարկեցինք ու վերջաւորութեան դերեր ստանձնելով, դասի ընթացքին բեմադրեցինք մեր դիտածը:
Դասարանի մէջ ուսանողներուն բեմադրական փորձերէն՝
Խօսեցանք հայերէն լեզուի քաղցրութեան եւ կարեւորութեան մասին, Մուշեղ Իշխանի «Հայ Լեզուն» բանաստեղծութեամբ:
Հայ լեզուն տունն է հայուն՝ աշխարհիս չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ՝ իբրեւ տանտէր հարազատ,
Կը ստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն
Եւ բորանէն ու բուքէն՝ հոն կը մնայ միշտ ազատ։
Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժին մէջ օտար՝ կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյն իսկ մթի՜ն ապագան..
Կաղանդի առթիւ, գրեցինք մեր առաջին շարադրութիւնը:
Կրթահամալիրի ուսանողին աշխատանքը՝
http://artushmiqayelyan.blogspot.com/2013/01/blog-post.html
«Կաղանդ» բառը ուսանողներուն համար անհասկնալի էր: Մէկը ենթադրեց, թէ «կաղանդ» բառը կը նշանակէ՝ տաղանդ, միւսը՝ կաղամբ: Իսկ «կաղանդ պապա» բառը՝ գէշ պապա: Իւրաքանչիւրը գրեց իր շարադրութիւնը: Բառային առումով, շարադրութիւններուն գլխաւոր հերոսը «աղուոր» բառն էր: Ա՜խ այս հեռուստացոյցի հաղորդումներուն, որ երբ կ՝ուզեն արեւմտահայերէնով բան մը ներկայացնել, «աղուոր» բառէն բացի ուրիշ բառ չեն գտներ: Իւրաքանչիւրի շարադրութիւնը գնահատելի էր: Ինչ հաճելի էր Հայաստանցիի անուշ լեզուով հնչուած արեւմտահայերէնը:
Այսպիսով աւարտեցինք մեր տարեշրջանը: Անհասկնալի արեւմտահայերէն անուշ եւ մաքուր լեզուն, որոշ չափով հասկնալի դարձնելով:
Շնորհակալութիւն «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրին՝ առիթ ընծայելուն համար:
Խմբագիրներ՝ Արևիկ Ներսիսյան, Մարիետ Սիմոնյան